Ըմբշամարտ. Արսէն Յարութիւնեան Եւ Հայկ Մելիքեան Յաղթանակներով Սկսան «Պունտըսլիկա»-ն

Հայ ըմբիշներ Արսէն Յարութիւնեան եւ Հայկ Մելիքեան յաջող մեկնարկ ունեցան Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի 2025-2026 տարեշրջանին մէջ:

Արսէն եւ Հայկ միացած էին Քոլերպախ ակումբին եւ առաջին հանգրուանին մասնակցեցան «Պունտըսլիկա»-ի առաջին մրցումներուն:

Արսէն Յարութիւնեան 18-0 արդիւնքով վստահ յաղթանակ տարաւ 61 քկ ազատ ոճի իր մրցումին, ուր յաղթեց Հորսթ Լեխրին: Մելիքեան 75 քկ յունահռոմէական ոճի իր մրցումին 9-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Օտար Ապուլածէն:

Սակայն զոյգ հայ ըմբիշներու խումբը 15-19 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Վայնկարթենէն:

Միւս հայ ըմբիշները` Մալխաս Ամոյեան եւ Շանթ Խաչատրեան, որոնք մաս կը կազմեն Հոսպախ խումբին, մրցում չունէին առաջին հանգրուանին:

Նշենք, որ Արսէն Յարութիւնեան եւ Մալխաս Ամոյեան մասնակցած էին 2025 աշխարհի ախոյեանութեան` Հայաստանի ազգային խումբին հետ:

Յարութիւնեան պրոնզէ մետալ շահած էր, իսկ Ամոյեան աշխարհի ախոյեան դարձաւ 77 քկ կշիռի կարգին մէջ:

 

 

Leave a Comment