Քարաթէ. Սուրէն Յարութիւնեան Ոսկի Շահեցաւ

Հայաստանի Քարաթէի ազգային խումբի անդամ Սուրէն Յարութիւնեան (75 քկ) դարձաւ «Օրել բաժակ 2025» մրցաշարքի ոսկի մետալակիր:

Ռուսիոյ Օրիոլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին, հայազգի քարաթէի մարտիկը աւարտականին պարտութեան մատնեց ռուս Տանիլ Միխայիլչենքոն:

Այս տարի «Օրել բաժակ»-ին մասնակցած էին 16 երկիրներէ, ինչպէս նաեւ 5 ռուսական շրջաններէ մօտ 1,300 մարտիկներ: Մրցաշարքը տեւեց 3 օր եւ նուիրուած էր օրել քարաթէի ակումբի 30-ամեակին:

Leave a Comment