Աուն Եւ Սալամ Քննարկեցին Ռաուշէի Դէպքը

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամը:

Նախագահը հանդիպումի ընթացքին վարչապետին հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր կացութիւնն ու Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 80-րդ նիստի իր մասնակցութեան ծիրին մէջ իր ունեցած ժողովներուն արդիւնքները:

Նախագահն ու վարչապետը նաեւ քննարկեցին երկրի ներքին կացութիւնն ու Ռաուշէի մէջ տեղի ունեցածի կարգաւորման կարելիութիւնները:

Վարչապետ Սալամ երէկ խորհրդարանին մէջ նաեւ հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

 

Leave a Comment