Թրամփի Ներկայութեամբ Հեռաձայնային Զրոյցի Ընթացքին. Նեթանիահու Քաթարի Վարչապետէն Ներում Հայցեց

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երկուշաբթի գիշեր Սպիտակ տունէն հեռաձայնելով Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահմանէն ներում հայցեց Տոհայի մէջ Համաս շարժումի ղեկավարութիւնը թիրախաւորած օդային յարձակումին համար: «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ այս մասին յայտնած է դիւանագէտ մը:

Դիւանագէտը ըսած է, որ Նեթանիահու ցաւ յայտնած է Քաթարի գերիշխանութեան ոտնահարման եւ քաթարցի իրաւապահի մը սպանութեան համար:

Յիշեցնենք, որ Իսրայէլ 9 սեպտեմբերին յարձակում գործած էր Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ բնակուած թաղի մը վրայ, ուր Համասի ղեկավարները հաւաքուած էին քննարկելու համար Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ամերիկեան առաջարկ մը:

 

Leave a Comment