Էտկար Մովսիսեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց Կիպրոսի Մէջ

Հայ յառաջապահ Էտկար Մովսիսեան իր առաջին կոլը նշանակեց Կիպրոսի Բ. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով:

Մովսիսեան ակումբը` «Օմոնիա Մայիս 29», 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց «Ա. Է. Զ. Զաքաքիօ» ակումբը 3-րդ հանգրուանի իր մրցումին:

27 տարեկան յառաջապահը հիմնական խումբէն կը խաղար եւ 54-րդ վայրկեանին գլխու գեղեցիկ հարուածով գրաւեց մրցակիցին բերդը` նշանակելով իր խումբի 2-1-ի կոլը:

Նշենք, որ այս ամառ Մովսէսեան Ուրարտուէն փոխադրուեցաւ Կիպրոս: Մրցակից խումբ «Զաքաքիօ» խումբին մաս կը կազմէ նաեւ հայ յառաջապահ Անտրէ Յարութիւնեան (22 տարեկան), որ այս մրցումէն կը բացակայէր:

 

 

Leave a Comment