Սահեր. «Հըզպալլան Վերազինուելու Իր Ջանքերը Կ՛աշխուժացնէ, Եւ Ատիկա Իսրայէլի Անվտանգութեան Եւ Լիբանանի Ապագային Համար Վտանգ Է»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր յայտնեց, որ հանդիպում ունեցած է Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ժենին-Հենես Պլասխարթի հետ:

«Հըզպալլան կը շարունակէ Իրանի աջակցութեամբ աշխուժացնել վերաշինութեան ու վերազինման իր ջանքերը, եւ ատիկա Իսրայէլի անվտանգութեան համար վտանգ է, ճիշդ ինչպէս նաեւ վտանգ է Լիբանանի ապագային համար», նշեց Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը:

«Իսրայէլ այս ուղղուածութեան դիմաց իր գլուխը հողին մէջ չի կրնար պահել», աւելցուց Սահեր:

Իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց, որ Պլասխարթի հետ հանդիպումի ընթացքին «վերահաստատեցի Միջին Արեւելքի մէջ յարաբերութիւններու բնականոնացման եւ խաղաղութեան ծիրը ընդլայնելու մեր կամքը»:

 

Leave a Comment