Նասսար. «Բանակը Դէմ Պիտի Դնէ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման»

Արդարադատութեան նախարար Ատել Նասսար յայտնեց. «Լիբանանեան բանակը դէմ պիտի դնէ հարաւային Լիբանանի մէջ որեւէ ներթափանցման` գործադրելով հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի թելադրանքները»: Ան այս մասին յայտնեց «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին:

«Լիբանանեան դիւանագիտութիւնը պիտի համալրէ իսրայէլեան որեւէ յարձակումի դիմակայման բանակին դերը», նշեց նախարարը:

«Լիբանանեան պետութիւնը իր գերիշխանութիւնը պիտի տարածէ իր բոլոր հողերուն վրայ եւ զէնքը լիբանանեան բանակին մենաշնորհը պիտի դարձնէ», ըսաւ ան:

«Պատերազմը Լիբանանի եւ ամբողջ շրջանին համար աղէտալի ընտրանք է», շեշտեց Նասսար:

Յիշեցնենք, որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն հինգշաբթի օր Պաապտայի պալատին մէջ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի հետ իր հանդիպումին ընթացքին պահանջեց, որ բանակը դէմ դնէ հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան որեւէ ներթափանցումի:

 

 

Leave a Comment