Կրահամ. «Լիբանանեան Բանակին Իսրայէլի Դէմ Կռիւին Մէջ Հըզպալլային Միանալը Կը Վտանգէ Այն, Ինչ Որ Կը Փորձենք Լիբանանին Օգնելու Համար Ընել»

Ամերիկացի ազդեցիկ ծերակուտական Լինտսի Կրահամ լիբանանցիներուն ուղղուած պատգամի մը մէջ նշեց. «Կը հասկնամ զայրոյթի զգացումը, երբ անմեղներ կը սպաննուին կամ կը վիրաւորուին Իսրայէլի պետութեան պատմական սպառնալիք եղող Հըզպալլան ճնշելու նպատակով իսրայէլեան զինուորական գործողութիւններու պատճառով»:

«Բուռն կերպով կը հաւատամ, թէ Լիբանանի մէջ իսրայէլեան ներթափանցումներուն նպատակը Հըզպալլայի վերականգնումը ճնշելն է: Ուստի եթէ Հըզպալլայի զինաթափումը կատարուէր, իսրայէլեան զինուորական գործողութիւնները կը դադրէին: Լիբանանը Հըզպալլան զինաթափելու եւ բոլոր զէնքերը լիբանանեան բանակին յանձնելու վերաբերեալ քաջալերական յայտարարութիւններ կատարեց, եւ պէտք է այդ յայտարարութիւնները իսկական գործերու վերածել», յայտնեց ծերակուտականը:

«Լիբանանեան բանակին Իսրայէլի դէմ Հըզպալլային միանալու գաղափարը պիտի վտանգէ այն բոլորը, որ կը փորձեմ ես եւ շարք մը ուրիշներ կատարել` Լիբանանին յառաջ ընթանալ օգնելու համար», շեշտեց Կրահամ:

 

Leave a Comment