[ad_1]
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Երէկ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած ամերիկեան եւ ռուսական պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները շինիչ էին, եւ անոնց ընթացքին ճշդուեցան երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական աշխատանքի բնականոնացման քայլերը»:
«Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները ռուսական կողմին դրամատնային, պայմանագրային ու Մոսկուայի մէջ ամերիկեան դեսպանատան անհրաժեշտ անձնակազմեր գործի առնելու ծառայութիւններ ստանալու նկատմամբ իրենց մտավախութիւնները արտայայտեցին: Երկու կողմերը, շինիչ քննարկումներու ընթացքին ճշդեցին դիւանագիտական առաքելութիւններու աշխատանքին մէջ կայունութեան հաստատման նախնական քայլերը: Երկու կողմերը համաձայնեցան մօտ օրէն յաւելեալ ժողով մը գումարելու` քննարկելու համար այս հարցերը», կը նշուի հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ նշեց. «Հանդիպումը շարունակումն էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի եւ անոր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի միջեւ հաղորդակցութիւններուն»: