Պըրրի. «Պատրաստ Ենք Հանդարտ Ու Համաձայնական Մթնոլորտի Մէջ Քննարկելու Դիմադրութեան Զէնքի Ճակատագիրը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անհետացման 47-ամեակին առիթով արտասանեց պատկերասփռուած ուղերձ մը, որուն մէջ յիշեցուց 27 նոյեմբեր 2024-էն ի վեր իր դիրքորոշումները` աւելցնելով, որ «օրին ըսինք, թէ վէրքերը վերաբանալու պահը չէ, ո՛չ ալ արիւնին վրայ պարելու: Անկեղծութեամբ եւ դրական տրամադրութեամբ մեր ձեռքը երկարեցինք Լիբանանը փրկելու նպատակով բոլորին հետ գործակցելու … Read more