Թուրքիոյ Խորհրդարանը Իսրայէլի` ՄԱԿ-ի Անդամակցութիւնը Առկախելու Կոչ Ուղղող Բանաձեւ Մը Որդեգրեց

Թուրքիոյ խորհրդարանը Կազայի մէջ սովի ճամբով ցեղասպանութիւնը քննարկելու արտակարգ նիստի մը ընթացքին որդեգրեց խորհրդարանի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշի` «Իսրայէլի Կազայի բռնագրաւումը երկարաձգելու եւ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութիւն գործելուն» վերաբերեալ նախագիծը: Քուրթուլմուշ նշեց. «Առաջարկուած նախագիծը չափազանց ուժեղ փաստաթուղթ կը նկատուի եւ կ՛արտացոլէ աշխարհին առջեւ Թուրքիոյ պաշտօնական դիրքորոշումը»: «Թուրքիոյ խորհրդարանական պլոքներու բոլոր պետերն ու երեսփոխանները ստորագրեցին նախագիծը, որ … Read more

«Արցախ. Չկարգաւորուած Հակամարտութիւն, Վերադարձի Իրաւունք» Խորագիրով Միջազգային Խորհրդաժողով

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 2 սեպտեմբերին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Արցախ» չկարգաւորուած հակամարտութիւն, վերադարձի իրաւունք» խորագիրով միջազգային խորհրդաժողովը: Խորհրդաժողովը պիտի անդրադառնայ ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրարկման միջոցով հակամարտութիւնները լուծելու անթոյլատրելիութեան, Արցախի հարցի անլոյծ մնալուն, արցախահայութեան` հայրենիք վերադառնալու իրաւունքի իրականացման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին … Read more

Հայաստանն Ու Չինաստանը Ռազմավարական Գործընկերութիւն Հաստատեցին

Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութիւն հաստատուեցաւ: Երէկ Չինաստանի Թիենծին քաղաքի մէջ այս մասին յայտարարեցին Չինաստանի նախագահ Շի Ժինփինկի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Հայաստանի կառավարութիւնը աւելի ուշ հրապարակեց Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութիւն հաստատելու մասին միացեալ յայտարարութեան բնագիրը, ուր հայկական կողմը կը վերահաստատէ «Մէկ Չինաստան»-ի սկզբունքին իր աջակցութիւնը` ճանչնալով, որ աշխարհի վրայ … Read more

Ալիեւ. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Արդէն Խաղաղութիւն Հաստատուած Է»

Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կարգաւորման եւ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւնները կ՛ընթանան երկկողմ հիմերով, եւ «արդէն երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութիւն հաստատուած է»: Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Չինաստանի նախագահ Շի Ժինփինկի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: Ժինփինկ ընդգծած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան կարեւորութիւնը` կայուն խաղաղութեան ապահովման … Read more

Դ. Դասակարգի Աւարտական Մրցումին` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղատ Աֆտալ

Այս շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի կատարէ այս տարեշրջանի իր վերջին մրցումը Դ. դասակարգի առաջին խմբակի պարագլուխի դիրքը գրաւող Ղատ Աֆտալի դէմ: Երկու խումբերն ալ երկու տարիէ ի վեր իրենց նահանգներու ախոյեանները դարձած էին, բայց երկու խումբերն ալ յաջողեցան այս տարի բարձրանալ Գ. դասակարգ: Բ. խմբակի ախոյեան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ Լեռնալիբանանի ախոյեան դարձած էր … Read more

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Հայաստանի Կազմը` Փորթուգալի Եւ Իրլանտայի Դէմ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան կը պատրաստուի իր առաջին մրցումին (իբրեւ ազգային խումբի մարզիչ) եւ 27 մարզիկներ հրաւիրած է միանալու ազգային խումբին: Ռումանական Ֆարուլ ակումբի միջնապահ Նարեկ Գրիգորեան վիրաւոր ըլլալուն պատճառով նկատի չէ առնուած ազգային խումբի հաւաքին, որ կը սկսի այսօր` պատրաստուելու համար 2026-ի մոնտիալի Եւրոպայի գօտիի Զ. խմբակի առաջին զտումի մրցումին, … Read more

Ծանրաբարձութիւն. Դաւիթ Յովհաննիսեան Ոսկեմետալակիր – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցած ծանրաբարձութեան Վալտըմար Մալաքիի անուան միջազգային մրցաշարքին, Դաւիթ Յովհաննիսեան դարձաւ ոսկի մետալակիր, մինչ Ռաֆիկ Յարութիւնեան շահեցաւ արծաթէ մետալ: Ընդհանուր արդիւնքով (երկամարտ) Դաւիթ 365 քկ արձանագրած է, մինչ Ռաֆիկ Յարութիւնեան կրցած է ընդհանուր հաշուով բարձրացնել 352 քկ` դառնալով արծաթէ մետալակիր:  

Եւրոպական Ֆութպոլ. Փարիզ Սեն Ժերմեն, Ռէալ Մատրիտ Եւ Պայերն Յաղթեցին, Մինչ Եւրոպական Փոխանցումները Կ՛աւարտին Այս Գիշեր

Եւրոպական կարեւոր 5 ախոյեանութիւնները կ՛ընթանան, մինչ այսօր կէս գիշերին կը փակուի փոխանցումներու ամառնային «շուկան»: Կան խումբեր, որոնք տակաւին կը փափաքին զօրացնել իրենց կազմերը, մանաւանդ որ ախոյեանութեան կողքին «Չեմփիընզ լիկ»-ի ծրագիրներ ալ կան, ուր ամէն խումբ իր կազմը վերատեսութեան կ՛ենթարկէ: «Չեմփիընզ լիկ»-ի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն 6-3 արդիւնքով մեծ յաղթանակ տարաւ Թուլուզի դաշտին վրայ, ուր փորթուգալցի … Read more

Սէուտական Արաբիոյ Ախոյեանութիւն. Նասր 5-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութեան Մատնեց Թաաուոնը

Սէուտական Արաբիոյ ախոյեանութեան առաջին հանգրուանին, Նասր 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Թաաուոնը: 40 տարեկան փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ յաջողեցաւ փենալթիով նշանակել իր ասպարէզի 940-րդ կոլը: Ռոնալտօ, որ Փորթուգալի ազգային խումբին հետ պիտի այցելէ Երեւան` շաբաթ օր մրցեցաւ Հայաստանի ազգային խումբին դէմ, 2026-ի մոնտիալի զտումի մրցումին իր 802-րդ կոլը նշանակեց ակումբի մակարդակի վրայ, մինչ Փորթուգալի ազգային խումբին … Read more

Գազայում շարունակ աճում է սովից մահացածների թիվը

Սեղմեք ԱՅՍՏԵՂ, լրացրեք օնլայն հայտը և մոռացեք հոսանքի վարձի մասին Սեպտեմբերի 1-ի լուսաբացից ի վեր իսրայելական ուժերի կողմից սպանվել է 42 պաղեստինցի, այդ թվում՝ 25-ը՝ Գազա քաղաքում։ Այս մասին հայտնում է Al Jazeera-ն։ Գազայի առողջապահության նախարարությունն էլ հայտարարել է, որ վերջին 24 ժամվա ընթացքում սովից և թերսնումից ևս 9 մարդ է մահացել։ … Read more