[ad_1]
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ զինուորական ուղղաթիռով հասաւ հարաւային Լիբանան: Ան լիբանանեան բանակի հրամանատարի տեղակալ զօր. Հասան Աուտէի ընկերակցութեամբ այցելեց Սուրի մէջ լիբանանեան բանակի զօրանոց, Մարժաայուն Եւ Խիամ:
Սալամ Սուրի «Պենուա Պարաքաթ» զօրանոցին մէջ ժողով մը գումարեց, ապա հանդիպում ունեցաւ Տհէյրա գիւղի բնակչութենէն պատուիրակութեան մը հետ, որ զօրանոցին մօտ նստացոյց կը կատարէր: Ան մտիկ ըրաւ պատուիրակութեան անդամներուն պահանջներուն եւ ծանօթացաւ իսրայէլեան բանակի անոնց հողեր, մասնաւորաբար քանդուած հարաւային թաղամաս ներթափանցման հետեւանքով անոնց տառապանքին:
Վարչապետը հարաւային Լիբանանէն յայտարարեց. «Այսօր գործընկերներուս` ուժանիւթի նախարար Ճօ Ստիի, կենսոլորտի նախարար Թամարա Զէյնի եւ հանրօգուտ շինութեանց նախարար Ֆայեզ Ռասամնիի հետ հարաւ ուղղուեցայ, եւ մեր առաջին հանգրուանը Սուրի մէջ «Պենուա Պարաքաթ» զօրանոցն էր, ուր հետեւեալ խօսքը ուղղեցի մեր սիրելի բանակին մէջ մեր զաւակներուն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն»:
«Ողջո՜յն մեր ազգային բանակի բոլոր հերոսներուն ու նահատակներուն, դուք պատիւի, զոհողութեան ու հաւատարմութեան նշանաբանը կրողն էք, եւ գերիշխանութեան ու անկախութեան ողնասիւնը:
«Բանակը Լիբանանը պաշտպանելու պարտականութիւնը ունի, եւ պատասխանատուութիւն կը կրէ հայրենիքի անվտանգութիւնը պահպանելու, պաշտպանելու անոր ժողովուրդը, գերիշխանութիւնը եւ հողերու ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը», ըսաւ Սալամ:
«Լիբանանեան բանակը այսօր ամբողջական կերպով կը կատարէ իր պարտաւորութիւնը եւ ամենայն վճռականութեամբ կ՛ամրապնդէ իր տեղակայումը` հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան հաստատման եւ մեր ժողովուրդին իրենց գիւղեր ու տուներ վերադարձին համար: Կը վստահեցնեմ, որ կառավարութիւնը աշխատանք պիտի տանի լիբանանեան բանակը կարող դարձնելու` բարձրացնելով անոր թիւը, սարքաւորումները եւ մարզումը, ինչպէս նաեւ բարելաւելով անոր կացութիւնը, ինչ որ կ՛ամրապնդէ Լիբանանը պաշտպանելու անոր կարողութիւնը», նշեց վարչապետը:
«Կ՛ուզեմ գնահատանքս յայտնել ՖԻՆԻՒԼ-ին, որ 1978 թուականէն ի վեր Լիբանանի մէջ ու անոր հարաւը կը գտնուի, եւ իր անդամներէն շատեր զոհուեցան անոր առաքելութեան իրագործման համար: Ինչպէս նաեւ կ՛ողջունեմ Լիբանանի եւ անոր հարաւի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը ամրապնդելու նպատակով բանակին ու լիբանանեան իշխանութիւններուն հետ անոր սերտ գործակցութիւնը` գործադրելու համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը: Կը մերժենք ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն վրայ որեւէ յարձակում եւ կը շեշտենք անդուլ աշխատանքը` ձերբակալելու եւ հաշուետուութեան ենթարկելու վերջին յարձակումին պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ նախանձախնդիր ենք որդեգրելու անոր կրկնութիւնը արգիլող բոլոր քայլերը», աւելցուց Սալամ: