Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ. «Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայերու Հարցի Վերջնական Հասցէագրման Մերժման Պայմաններուն Մէջ Հայաստանը Չի Կրնար Անմասն Ու Անտարբեր Մնալ»

[ad_1]

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը շարունակէ միջազգային ընտանիքի, մասնաւորաբար շրջանին մէջ խաղաղութեամբ շահագրգռուած եւ մարդասիրական արժէքները կարեւոր նկատող գործընկերներու ուշադրութիւնը հրաւիրել Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայազգի ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձերու ազատ արձակման խնդիրի, ինչպէս նաեւ դատավարական կոպտագոյն խախտումներով եւ խոշտանգման աղաղակող նշաններով անոնց մէկ մասին նկատմամբ ընթացող բեմականացուած դատավարութիւններուն վրայ: Այս մասին յայտարարութիւն հրապարակած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

«Խոր մտահոգութիւն կը պատճառեն հայազգի ռազմագերիներէն, պատանդներէն, այլ պահուող անձերէն 23-ին նկատմամբ «դատավարութիւններէն» տեսաձայնագրութիւններ եւ լուսանկարներ ներառող հրապարակումները, նշեալ անձերը, ներառեալ հացադուլի մէջ գտնուող Ռուբէն Վարդանեանի փաստաբաններու կողմէ հրապարակուող տեղեկութիւնները` կալանաւորուած անձերու նկատմամբ ներգործութեան, խոշտանգումներու եւ անոնց առողջական վիճակի ակնյայտ վատթարացման մասին:

«Այդպիսի գործելաոճի մասին կը վկայեն նաեւ ՄԱԿ-ի Խոշտանգումներու դէմ կոմիտէին կողմէ արտայայտուած մտահոգութիւնները, «Հիումըն Ռայց Ուաչ»-ի եւ այլ կազմակերպութիւններու կողմէ փաստագրուած` հայ պատերազմական գերիներու խոշտանգման դէպքերը, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ միջազգային կառոյցներուն, ներառեալ Խոշտանգումներու եւ անմարդկային կամ նուաստացնող վերաբերմունքի կամ պատիժի կանխարգիլման եւրոպական յանձնախումբին հետ համակարգուած համագործակցութենէն խուսափումը: Հայաստանի կառավարութիւնը կը շարունակէ ստանալ հայազգի պատերազմական գերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձերու նկատմամբ արգիլուած միջոցներու կիրարկման մասին տեղեկութիւններ:

«Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը շարունակէ միջազգային ընտանիքին, մասնաւորաբար շրջանին մէջ խաղաղութեամբ շահագրգռուած եւ մարդասիրական արժէքները կարեւոր նկատող գործընկերներու ուշադրութիւնը հրաւիրել Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայազգի պատերազմական գերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձերու ազատ արձակման խնդիրի, ինչպէս նաեւ դատավարական կոպտագոյն խախտումներով եւ խոշտանգման աղաղակող նշաններով անոնց մէկ մասին նկատմամբ ընթացող բեմականացուած դատավարութիւններուն վրայ:

«Հայազգի պատերազմական գերիները, պատանդները եւ այլ պահուող անձերը ապօրինաբար կը պահուին Ազրպէյճանի մէջ` ի հեճուկս անոր կողմէ ստանձնուած յանձնառութիւններուն եւ միջազգային պարտաւորութիւններուն: Հայազգի պատերազմական գերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձերու կալանաւորումն ու հետապնդումը կը հանդիսանայ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ մարդու հիմնարար իրաւունքներու կոպիտ խախտում. համապատասխան միջազգային բազմակողմ փաստաթուղթերու պարզ թուարկումը կը ներառէ Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրը, «Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին» միջազգային դաշնագիրը, «Խոշտանգումներու եւ այլ դաժան, անմարդկային կամ նուաստացնող վերաբերմունքի կամ պատիժի դէմ» ուխտը, Ժընեւի 4-րդ ուխտը (1949 թուական), Մարդու իրաւունքներու եւրոպական հռչակագիրը:

«Ակնյայտ է, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները այս դատական բեմականացումը կ՛օգտագործեն իբրեւ Հայաստանի Հանապետութեան վրայ քաղաքական ճնշումներու եւ հասարակութեան ծիրին մէջ շահագործումի գործիք` հաշուի առնելով խնդիրի զգայունութիւնը իւրաքանչիւր ընտանիքի անդամի եւ ամբողջ հասարակութեան համար:

«Առանձնակի ուշադրութեան արժանի է այն, որ այս հոլովոյթները կ՛ընթանան ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու մէջ հայերու դէմ ցեղային ատելութեան շարունակական քարոզչութեան պայմաններու մէջ:

«Ամէնէն զատ եւ առաջին հերթին` որեւէ հակամարտութեան ամբողջական կարգաւորում կը ներառէ ժողովուրդներու պատրաստումը խաղաղութեան, իսկ չլուծուած մարդասիրական խնդիրներու յաւելեալ ու արհեստական ձգձգումը առնուազն չի ծառայեր այդ նպատակին եւ միայն կը նուազեցնէ ատոր հաւանականութիւնը: Այս գիտակցումը բազմիցս ընդգծուած է Ազրպէյճանի հետ քննարկումներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ տարբեր միջազգային հարթակներու մէջ, գործընկերներու եւ կառոյցներու կողմէ: Կ՛ակնկալենք, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւններու ընկալումներուն մէջ եւս անիկա պիտի գերակայէ թշնամանքի շարունակական սնուցման ու կարճաժամկէտ հաշիւներու նկատմամբ:

«Հարցի վերջնական հասցէագրման մերժման պայմաններուն մէջ Հայաստանը չի կրնար անմասն եւ անտարբեր մնալ, ուստի պիտի շարունակէ զայն արծարծել տարբեր հարթակներու վրայ եւ տարբեր ձեւաչափերով` ակնկալելով լուծումներ եւ դրական յառաջընթաց», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

 

 



Source link

Leave a Comment